• am
  • ru
  • en
Версия для печати
07.02.2013

«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ»ը Եւ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵւԵԼՔԻ ՀԱՅՈՒԹԻւՆԸ

   

Սագօ Արեան

Խօսելով Միջին Արեւելքի հայութեան ճակատագրին մասին պատմաբան Դոկտ. Արա Սանճեան «Հետք»ին ըսաւ թէ «Հայերը Սուրիոյ եւ Լիբանանի տագնապներուն մէջ ըստ էութեան կարեւոր դերակատարներ չեն, այլ` ճակատագրի քմահաճոյքին ձգուած զանգուածներ»:

Դոկտ. Արա Սանճեանի հետ

Դոկտ. Արա Սանճեանի հետ մեր զրոյցները միշտ ալ աւարտած են նոր հարցադրումներով կամ մտածելու մղումներով: Արան սոսկական պատմութեան գիտակ դասախօս չէ, ոչ ալ` պարզապէս հմուտ պատմաբան: Տարբեր մօտեցումով, տարբեր դիտանկիւններէ եւ միշտ ալ մեծ հարցադրումներով ապրող, իր ըսածին առջեւ պատասխանատու ու իր որոնումներուն մէջ հետեւողական մտաւորական է: Քիչ կը պատահի, որ մարդս իր նախասիրած նիւթի շապիկին, իր «դասին», իր ներկայացուցած նիւթին հետ համահունչ Արա Սանճեանը անոնցմէ է, որուն համար պատմութիւնը ո՛չ թէ ապրելու միջոց է, այլ` աւելին: Անոր համար պատմութիւնը գերագոյն խորհուրդ է:Ան կ’ապրի այդ պատմութեամբ, կ’արթննայ այդ պատմութեամբ, կը սրդողի, կը տրոփէ ու կը քալէ պատմութեամբ: Արա Սանճեանը այն քիչ մտաւորակններէն է, որ այսօրուան Սփիւռքի մէջ կը գործեն տուեալ գործին հանդէպ գիտակից ու ամենակարեւորը` Հայաստանով ապրող, Հայաստանով տառապող եւ Հայասատանով եղող: Փրոֆեսօր Արա Սանճեանի հետ հետեւեալ զրոյցը կատարուեցաւ վերջերս, առհասաակ, ամբողջ հայութիւնը, յատկապէս` Միջին Արեւելքի հայութիւնը յուզող հարցերուն, արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին: Ու աւարտին կարեւոր է նշել, որ մեր ժողովուրդի խնդիրներով «ապրող», տագնապող եւ արարող մարմինները ժամանակն է, որ անսան սանճեաններու ձայնին: Մենք ազգովին որոշ եւ ճակատագրական հանգրուանի մը առջեւ ենք այսօր, եւ յուսալի է, որ նման գործիչներու կարծիքը լսել սորվինք: Ու վստահ եմ, որ Արան եւ իր նմանները ըսելիքներ շատ ունին. ուղղակի` Սփիւռքի «ղեկավարութիւններ»ը պէտք է լսել սորվին, ձայնին անսալ սորվին:

«Արաբական գարուն»

Արա Սանճեանի համար «Արաբական գարուն» անուանումը շատ արագ տրուած պիտակ մըն էր: Իր ըսելով, լրագրողները կը սիրեն արագ եւ ընդհանոր անուանումներ տալ դէպքերուն` առանց երկար մտածելու թէ տարիներ ետք այդ անուանումները ինչպէ՛ս պիտի ընկալուին կամ օգտագործուին հանրութեան կողմէ: Սանճեան նկատել կու տայ, որ Թունուզի (Թունիս) մէջ 2010-ի աւարտին սկսած եւ 2011-ի սկիզբը յաջողութեամբ աւարտած իշխանափոխութիւնը հետեւանք էր տարիներէ ի վեր կուտակուած ժողովրդական դժգոհութիւններու:Իր ըսելով, արաբական ավտորիտար (տիրազօր) կառավարութիւնները արդէն անկարող էին բաւարարելու իրենց հասարակութեանց պահանջները, եւ այդ պատճառով ժողովրդային դժգոհութեան ալիքը կ’աւելնար: Ըստ Սանճեանի, վերջին երկու տարիներու ընթացքին, ճիշդ է, որ մի քանի արաբական կառավարութիւններ փուլ եկան, բայց, ըստ էութեան, այդ երկիրներուն մէջ դասական յեղափոխութիւններ չէին եղածները, որովհետեւ իշխանափոխութիւնները իրագործողները չունէին սոցիալ-տնտեսական, արմատական վերափոխումներու իրենց ծրագիրները: Սանճեանի համաձայն, «Արաբական գարուն» կոչուածը այս տեսանկիւնէն կը տարբերի նախորդ տասնամեակներուն կամ դարերուն իրականացած «դասական» յեղափոխութիւններէն: Արաբ «յեղափոխականները» պարզապէս հիմը դրին հանգրուանի մը, որ կրնայ տարիներ երկարիլ, բայց խնդիրն այն է, որ տակաւին յստակ քաղաքական ծրագիր չկայ` բացի անկէ, որ ընդհանուր ճանաչում գտած լոզունգներ կը գործածուին, ինչպիսին են՝ ժողովրդավարութիւնը, բազմակարծութիւնն ու տնտեսական ազատութիւններուն թափ տալը: Բայց, այս լոզունգները իրականացնող իսկական ուժեր հրապարակի վրայ չեն երեւիր ցայսօր: Սանճեան ըսաւ նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ իշխանութեան հասած, նախապէս դժգոհ ուժերը չունին մշակուած քաղաքական ծրագիր եւ, այդ պատճառով ալ, յստակ չէ թէ այս նոր իշխանութիւնները ի՛նչ ընթացք կրնան ունենալ: Արդեօ՞ք անոնք իրապէ՛ս յեղափոխութեան պիտի վերածուին, թէ՞ պիտի կրկնեն իրենցմէ առաջ եղած իշխանութիւններուն սխալները: Արա Սանճեան` խօսելով արաբական աշխարհի մէջ տեղը ունեցած յեղափոխութիւններու վրայ եղած արտաքին ազդեցութիւններուն մասին, ըսաւ թէ կարելի չէ ըսել, որ բոլոր յեղափոխութիւններուն պարագային արտաքին որոշիչ ազդեցութիւնը նոյն չափով առկայ է: Սանճեան` Թունուզի մասին խօսելով, յայտնեց, որ հոն կատարուած դէպքերը բաւական անսպասելի էին։ Թունուզը շատ ալ առանցքային երկիր մը չէ շրջանային քաղաքականութեան մէջ, ու հոն արտաքին միջամտութիւնը շատ աննշան էր: Իսկ խօսելով Եգիպտոսի մէջ կատարուած իշխանափոխութեան մասին, Սանճեան նկատել տուաւ թէ այնտեղ արտաքին միջամտութիւնը կողմնակի էր: Ըստ մեր զրուցակցին, Ամերիկայի դիրքորոշումն էր միայն, որ ձեւով մը ընթացք տուաւ երկրի բանակի կեցուածքին, որ վերջինս միջամուխ չըլլայ «Թահրիր» հրապարակին վրայ եւ այլուր տեղի ունեցող բաւական ծանր ու վտանգաւոր ընդհարումներուն` ցուցարարներուն, ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ Նախագահ Հիւսնի Մուբարաքի կողմնակիցներուն միջեւ:

Սուրիա. «Արաբական գարո՞ւն» թէ՞ ....

Սուրիոյ մասին խօսելով, Սանճեան ըսաւ, թէ հոն կայ «Արաբական գարնան» բնորոշ մէկ գիծը այն իմաստով, որ, քառասուն տարիներ իշխանութեան գլուխ գտնուելէ ետք, Ասատներու ընտանիքը արդէն անկարող էր բաւարարել ազգաբնակչութեան դժգոհ եւ տնտեսապէս դժուարին պայմաններու տակ կքած հատուածի պահանջները: Սանճեան ըսաւ նաեւ, թէ յատկապէս գիւղական շրջաններուն մէջ երեւելի էր տնտեսական անմխիթար վիճակ եւ աղքատութեան ալիքի վտանգաւոր աճ: Սուրիոյ խնդիրը, սակայն, ձեւով մը վերափոխուեցաւ եւ նշմարելի դարձաւ արտաքին մեծ միջամտութիւն։ Սուրիոյ տագնապին առնչուող երկիրները բաժնուեցան երկու խումբերու: Մինչ առաջին խումբը – Թուրքիա, Սէուտական (Սաուդեան) Արաբիա, Քաթար (Կատար), արեւմտեան ազդեցիկ երկիրներ եւ Ամերիկա – շատ բուռն կերպով սատարեցին Սուրիոյ նորայայտ ընդդիմութեան։ Անդին, Իրանը, Ռուսատանը եւ նուազ չափով` Չինաստանը աջակցեցան իրենց վաղեմի դաշնակիցին՝ Պաշար Ասատի վարչակարգին, որովհետեւ այս երկիրներուն համար վերջինս ռազմաքաղաքական գործընկեր մըն է: Ու հիմա պարզ է, որ առանց այս նեցուկին ասատեան րէժիմը երկար պիտի չդիմանար իր ներքին ընդդիմութեան եւ վերջինիս արտաքին հովանաւորներուն կողմէ շղթայազերծուած յարձակման: Արա Սանճեան նշեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը իսլամական սիւննի համայնքին կը պատկանի եւ Ասատներուն շուրջ համախմբուած, իշխող ալէւի տարրը երկրին մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէ։ Այս իմաստով, Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Թուրքիա, որոնք սիւննի երկիրներ են, խորթ աչքով կը նային ալէւի փոքրամասնութեան կողմէ ղեկավարուող Սուրիոյ: Տագնապին խորքը աւելի լայն առումով հասկնալու նպատակով, Սանճեան արագ կերպով ներկայացուց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան անցած ճանապարհը, յիշելով որ Սուրիան իր այսօրուան սահմաններով ստեղծուած է Օսմանեան Կայսրութեան քայքայումէն անմիջապէս ետք: Երկար ժամանակ, նոյնիսկ Սուրիոյ մտաւորականները եւ ազգային գաղափարախօսները իրենց պետութիւնը նկատած են արհեստական: Թերեւս նոյն պատճառով Սուրիան միաժամանակ եղած է արաբներու քաղաքական միաւորման կոչ ընող դարբնոցներէն մէկը: Սակայն, Սուրիան նոյն ատեն եղած է շրջանային, աւելի հզօր պետութիւններու միջեւ կռուախնձոր: Երկար ժամանակ, նոյնիսկ` ֆրանսական «մանդատ»ի օրերուն (1920-1946), Սուրիոյ տիրանալ կամ զանիկա իրենց ազդեցութեան տակ առնել փորձած են Իրաքը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը, նոյնիսկ` երբեմն Թուրքիան: 1949-էն մինչեւ 1970 Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած են մօտաւորապէս 15 յեղաշրջումներ, որոնք այս կամ այն ձեւով կապ ունէին արտաքին աշխարհին կողմէ կատարուած միջամտութիւններուն հետ: Սանճեան այսպիսով նկատել տուաւ, որ Սուրիան անկայուն քաղաքական պատմութիւն ունեցող երկիր մըն էր մինչեւ 1970 թուականը, երբ Հաֆէզ Ասատ ստանձնեց երկրին ղեկը։ Հաֆէզ Ասատ կրցաւ` կեդրոնացած, ուժեղ պետութիւն ստեղծելով, փոխել այդ հաւասարումը: Ան իշխանութիւնը կարողացաւ պահել` կիրառելով ավտորիտար եւ համարեա տոտալիտար իշխանաձեւ: Միաժամանակ, Ասատ` փոխելով նախկին պատկերը, կարողացաւ Սուրիան վերածել շրջանային կարեւոր եւ ազդեցիկ երկրի: Այդպիսով, Սուրիա դադրեցաւ շրջանային քաղաքական կարեւոր ցնցումներու թատերաբեմը հանդիսանալ, այլ` դարձաւ հարեւան երկիրներու մէջ ազդեցիկ ներկայութիւն ունեցող ուժեղ տէրութիւն: Երբ Հաֆէզ Ասատ կը պատրաստուէր իշխանութիւնը իր աւագ տղուն` Պասէլ Ասատին փոխանցել, պատահեցաւ անսպասելին եւ վերջինս զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը: Ասոր վրայ, Հաֆէզ Ասատի մահուընէ ետք, անոր շրջապատը ստիպուած եղաւ շատ արագ սահմանադրական փոփոխութիւն կատարել որպէսզի ապահովուէր անոր երկրորդ որդւոյն` Պաշար Ասատի իշխանութիւնը ժառանգելը: Պաշար Ասատի իշխանութիւնը եկաւ մասնակի բարեփոխումներ ընելու խոստումով:Անոր բարեփոխումները նպաստաւոր էին յատկապէս քաղաքներու մէջ ապրող սուրիացի ժողովուրդին: Օրինակ, վերջին տարիներուն, Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ ակնյայտ դարձած էր Պաշար Ասատի կատարած փոփոխութիւներուն արդիւնքը: Սակայն, նոյն դրական տեղաշարժը նկատելի չէր Սուրիոյ գիւղական շրջաններուն մէջ, ուր գիւղացիները կը մնային իրենց տարածքներուն անապատացման լուրջ վտանգին առջեւ անզօր ու պետական վերաբերմունքէն` դժգոհ: Սանճեան նշեց նաեւ որ, այսօր` քաղաքացիական ըմբոստութեան սկիզբէն գրեթէ երկու տարի ետք, վերոնշեալ պայմաններուն պատճառով, Ասատի վարչակարգին ուժը կեդրոնացած է Սուրիոյ քաղաքներուն մէջ, մինչ գիւղական շրջանները առաւելապէս կը գտնուին Սուրիոյ ընդդիմութեան հակակշռին տակ: Սանճեան նաեւ նկատեց որ Սուրիան ունի ռազմաքաղաքական եւ աշխարհագրական կարեւոր դիրք: Վերջին շրջանին, Սուրիան կարեւոր օղակ կը համարուէր տարածաշրջանին մէջ իրանեան ազդեցութեան տարածման եւ ուժեղացման առումով, եւ այդ պատճառով շատ երկիրներ շահագրգրուած են, որ Պաշար Ասատը տապալի:

Հայութեան իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ

Սուրիոյ հայութիւնը երկար տարիներ ապրելով «ավտորիտար» երկրի մը մէջ, լրիւ ապաքաղականացած վիճակ մը ունի: Սանճեան նկատել տուաւ որ Սուրիոյ գաղութին համար շատ դժուար պիտի ըլլայ նոր վիճակին հետ համակերպիլ` պարզ այն պատճառով, որ սուրիահայութիւնը պետութիւնէն բացի գործնական կապեր չունի Սուրիոյ քաղաքական այլ հոսանքներուն հետ, որոնք այսօր ընդդիմադիր են: Ան նկատեց նաեւ, որ Լիբանանը շատ կը տարբերի Սուրիոյ իրավիճակէն : Վերադառնալով սուրիահայերու խնդրին, Սանճեան նկատել տուաւ որ անոնցմէ շատեր, որոնք այսօր Հայաստան կը գտնուին, ստիպողաբար պիտի արտագաղթեն եթէ իրենց համար յարմար պայմաններ չստեղծուին Հայաստանի մէջ: Ան աւելցուց. «Ներկայիս Հայաստան ապաստանած սուրիահայութեան կարեւոր հատուած մը կայ, որ ուշի-ուշով կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն եւ պիտի ուզէ վերադառնալ Հալէպ կամ սուրիական այլ շրջաններ` անմիջապէս որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի: Իսկ այլ կարեւոր հատուած մը հաւանաբար գաղթէ արեւմուտք, ուր, առաջին շրջանին, այս սուրիահայերը նոր աւիւն պիտի բերեն արեւմուտքի մէջ գոյութիւն ունեցող գաղութներուն մէջ, բայց քանի մը սերունդ ետք անոնք ալ դժբախտաբար պիտի բռնեն ձուլումի ճամբան»: Սանճեան նաեւ դրական գնահատեց հայրենի իշխանութիւններուն վերջին շրջանին ցուցաբերած հոգատարութիւնը սուրիահայերուն հանդէպ, նկատել տալով, սակայն, որ Հայաստանը նախ ինքը պարտաւոր է լուծել իր ներքին արտագաղթի խնդիրը` սփիւռքահայութեան երկարաժամկէտ ճակատագրին շուրջ արմատական քայլերու ձեռնարկելէ առաջ: Պատասխանելով հարցումի մը թէ Լիբանանէն ներս քաղաքական այս լարուածութիւնը կրնա՞յ նոր քաղաքացիական պատերազմի մը յանգեցնել, Սանճեան` յիշեցնելով լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքին մէջ մօտիկ անցեալին տեղի ունեցած բախումները, ըսաւ, որ հնարաւոր է, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմը վերսկսի եթէ Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր տարբեր խմբաւորումները նախ տապալեն Պաշար Ասատի վարչակարգը եւ յետոյ իրենց միջեւ պայքարի անցնին Սուրիոյ նոր տէրերը դառնալու համար: Լիբանանի մէջ նոր քաղաքացիական պատերազմի մը հակամարտ գլխաւոր համայնքները պիտի ըլլան սիւննիներն ու շիիները։ Սանճեան նկատեց նաեւ որ Լիբանանի հայերուն մեծամասնութիւնը այսօր կ’ապրի երկրի գերազանցապէս քրիստոնէաբնակ շրջաններուն մէջ ու այդ իսկ պատճառով կրնայ զերծ մնալ Լիբանանի մէջ հաւանական որեւէ ներքին պատերազմի մը հետեւանքներէն կամ վնասներէն: Քիչ հաւանական է, որ Լիբանանի քրիստոնեաները ամբողջ թափով մասնակցին այդպիսի, սիւննի ընդդէմ շիի ներքին պատերազմի մը։ Սանճեան, դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը` 1958-ի եղբայրասպան աղէտէն ետք, միանգամընդմիշտ որոշած է իրար դէմ զէնք չբարձրացնել: Իր կարծիքով, «Բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները մէկ կարեւոր կէտի շուրջ համաձայն են, որ հայը հայու արիւն պէտք չէ թափէ: Այս համաձայնութիւնը տասնամեակներու կեանք ունի արդէն եւ աւելի ամրացաւ Լիբանանի երկարատեւ արիւահեղ պատերազմի օրերուն, երբ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները չէզոք դիրք բռնեցին»: Սանճեան` այս բաժնի աւարտին, նկատեց նաեւ որ Միջին Արեւելքի հայութիւնը իրապէս յոգնած է տարածաշրջանի երկարատեւ պատերազմներէն, անորոշութիւններէն եւ ասիկա պատճառներէն մէկն է, որ Հայաստան հաստատուելու երազը այսօր եւս անոր համար տեսականօրէն կը մնայ հրապուրիչ:

«Նոր Միջին Արեւելք մը` առանց քրիստոնեաներու»

Սանճեանի հետ մեր ունեցած զրոյցի վերջին բաժնին մէջ, պատմաբանը` պատասխանելով, Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեայ եւ յատկապէս հայ համայնքներու ապագային մասին հարցումի մը, հերքեց որ այսօր Ամերիկայի մէջ որդեգրուած է Միջին Արեւելքը քրիստոնեաներէ դատարկելու յատուկ քաղաքականութիւն: Բայց, այնտեղ առհասարակ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, ներառեալ` հայերուն հանդէպ կայ հետաքրքրութեան մեծ պակաս: Այս պակասը մասամբ կը բխի արեւմտեան երկիրներուն աւելի աշխարհիկ դառնալու հանգամանքէն: Սանճեան ըսաւ. «Այսօր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները չունին արտաքին աջակցութիւն, իսկ մահմետականները ունին մեծ հարստութիւն: Այս օրերուս, արաբներուն մօտ քաղաքական ծրագիրները սովորաբար ազգային տարազով հանդէս չեն գար, այլ աւելի շատ` կրօնական: Մերօրեայ մահմետականներուն մօտ ալ առկայ է իրենց քաղաքական ու սոցիալ-տնտեսական դժգոհութիւնները կրօնական շղարշով արտայատելու երեւոյթը: (Այս երեւոյթը կար նաեւ միջնադարուն, ինչպէս օրինակ հայ Պաւլիկեաններու եւ Թոնդրակեաններու պարագային:) Մահմետական ծայրայեղ հոսանքները իրենց նիւթական նեցուկը կը ստանան Ծոցի արաբական երկիրներու հարուստ տէրութիւններէն: Իրենց գաղափարախօսութեամբ իսլամիստները կ’ուզեն իրենք զիրենք պաշտպանել Արեւմուտքէն կամ այսպէս ասած Արեւմուտքի «Իմպէրիալիստական» տէրութիւններէն ու անոնց գաղափարախօսութենէն:Իսկ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները թոյլ վիճակի մէջ են պարզ անոր համար, որ անոնք մաս չեն կազմեր իրենց երկիրներու քաղաքական իշխանութիւններուն:» Սանճեան վկայեց, որ «Եգիպտոսի մէջ ղպտիները կը կազմեն երկրի բնակչութեան տասը տոկոսը, բայց երկրի քաղաքական ընդհանուր պատկերին մէջ տեղ չունին: Իրաքն այսօր` Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան տապալումէն ետք, փաստօրէն դարձած է աւելի իսլամական երկիր եւ անկէ մեծաթիւ քրիստոնաներ գաղթած են:

Սուրիոյ բնակչութեան տասը տոկոսը քրիստոնեաներ են, բայց անոնք եւս քաղաքական համարեա ո՛չ մէկ հեռանկար կը տեսնեն ու այդ պատճառով ալ մինչեւ հիմա կառչած են Պաշար Ասատի իշխանութեան։ Վերջինս` բռնատիրական ըլլալով հանդերձ, աշխարհիկ իշխանութիւն է եւ կը յարգէ բոլորին կրօնական ազատութիւնները: Լիբանանը բոլորովին տարբեր պատկեր կը ներկայացնէ քանի որ մինչեւ վերջերս, քրիստոնեաները այս երկրին մէջ մեծ ներուժ ունէին, բայց այսօր նուազած է անոնց դերը, ո՛չ միայն արտագաղթի հետեւանքով, այլեւ մահմետականներու թիւի բնական աճին եւ անոնց հարստացման պատճառով:» Սանճեան Լիբանանի հայութեան մասին եզրակացութեան մը յանգելով ըսաւ թէ «հայերն այսօր աւելի համահունչ կ’ապրին Լիբանանի քրիստոնեայ հատուածին հետ քան1975-ին:Լիբանանի քրիստոնեաներուն մօտ ալ զգալի են արտագաղթի հակումները, իսկ հայերուն համար աւելի հեշտ է Լիբանանը լքել որովհետեւ անոնց մեծ մասը տակաւին Լիբանանը իր պապենական երկիրը չի նկատեր։» Թէեւ լիբանանահայերը տեսականօրէն իրենց մտքին մէջ ունին Հայաստան հաստատուելու ցանկութիւնը, Սանճեան մտավախութիւն յայտնեց որ անոնք հաւանաբար Հայաստան չգաղթեն որովհետեւ վերջինիս ընկերային եւ տնտեսական պայմանները Միջին Արեւելքի հայերուն համար այսօր բնաւ հրապուրիչ չեն։ Աւելի հաւանական է, որ Միջին Արեւելքի հայերը շարունակեն աստիճանաբար արտագաղթել դէպի Արեւմուտք: Աւարտին, Սանճեան եզրակացուց թէ, եթէ դէպքերը այսպէս շարունակուին, ապա Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հատուածները աւելիով պիտի տկարանան ու այդ պատկերին դիմաց իսլամիստական հատուածները աւելիով պիտի հզօրանան ու դառնան կացութեան տէրը:

Արա Սանճեան (Համառօտ կենսագրական գիծեր)
Արա Սանճեանը Միչիգանի Համալսարանի Դիրբոռնի մասնաճիւղին մէջ հայոց ու մերձաւոր-արեւելեան պատմութեան դասախօս է, ինչպէս նաեւ տեղւոյն Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչը։ Ան ծնած ու դպրոցական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի (Լիբանան) մէջ։1986-1991 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։1991-1994 թուականներուն Մերձաւոր Արեւելքի նորագոյն պատմութեան գծով դոկտորական ատենախօսութիւն պատրաստած է Լոնտոնի Համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան Ուսմանց Դպրոցին մէջ։ 1996-2005 թուականներուն Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտութեան, Պատմութեան ու Քաղաքական Գիտութիւններու ամբիոնի վարիչն էր։2003 թուական աշնան Հենրն Ս. Խանզադեան Կազանի անուան հայագիտութեան այցելու դասախօս եղած է Քալիֆոռնիոյ Պետական Համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ։ Գիտական իր ուսումնասիրութիւններուն կիզակէտը կը կազմէ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Ասիոյ արաբական երկիրներու պատմութիւնը` Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն ետք։ Հեղինակած է «Թուրքիան եւ անոր արաբ հարեւանները (1953-1958). ուսումնասիրութիւն Պաղտատի Ուխտի սկզբնաւորման եւ ձախողման վերաբերեալ» անգլերէն աշխատութիւնը (2001), ինչպէս նաեւ մենագրութիւն մը եւ շարք մը գիտական յօդուածներ։ Ներկայիս կը պատրաստէ ծաւալուն, նոր ուսումնասիրութիւն մը 1923-1987 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ հայկական պահանջատիրութեան մասին։



դեպի ետ